Yerevan, 02.November.2026,
00
:
00
BREAKING

Հակոբ Ավետիքյան. «Գագիկ Ծառուկյանի դաշինքի մոտեցումները հոգեհարազատ են մեզ» Վերնագիրն այսպես դրեք

INTERVIEW

-Մօտ օրերս կը սպասուի Գագիկ Ծառուկեանի շուրջ ձեւաւորուող դաշինքի անդամ կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ համաձայնագրի ստորագրում, որոնցմէ մէկը, ինչպէս աւելի շուտ յայտարարուած է, ՌԱԿ-ն է։ Վերջին օրերուն կուսակցութեան մէջ այս առումով խորհրդակցութիւններ տեղի կ’ունենան, աւելի յստակութիւն մտա՞ւ դաշինքին հետ համագործակցութեան հետ կապուած։

-Նախորդ շաբաթավերջ, ճիշտ էք, ունեցանք Կեդրոնական վարչութեան երկօրեայ նիստեր։ Բացի անկէ՝ մենք երկու հեռախօսաժողովներ  ունեցած ենք Սփիւռքի մեր ընկերներուն հետ, միասին պարզեցուցած ենք մեր տեսակէտները։ Որոշումը, ճիշտ է, մերն է, բայց անոնց տեսակէտը նոյնպէս կարեւոր է, որովհետեւ նոր պէտք չէ բացատրել՝ մենք ցանցային կուսակցութիւն ենք։ Ճիշտ է՝ Կեդրոնական վարչութիւնը Հայաստան կը գտնուի, բայց պէտք է խորհրդակցիլ դուրսի կառոյցներուն եւ յատկապէս ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդին հետ։ Եւ մենք, խորքային քննարկումներէ ետք որոշեցինք միանալ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած դաշինքին։

Արդէն իսկ աշխատանքներ կը կատարենք՝ տեղերու մէջ ունենալու համար մեր շտաբները եւ մրցունակ թեկնածուներ, որոնց կազմը արդէն վճռած ենք։ Բոլոր պատրաստութիւնները կը տեսնենք, որպէսզի կարողանանք արժանապատիւ կերպով ներկայացնել ե՛ւ մեր կուսակցութեան, ե’ւ դաշինքի ընդհանուր տեսակէտները ժողովուրդին։ Այս առումով պէտք է մեկնաբանեմ մեր ընտրութեան իմաստը, պատճառաբանեմ դաշինքին միանալու պարագան։
Այստեղ հաշուի առնուեցաւ  քանի մը հանգամանք։ Նախ, ինչպէս պարոն Ծառուկեան  ձեւակերպած է, ինք կը ներկայանայ ընտրութիւններուն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան դիրքերէն։ Ճիշտ է, Սփիւռքն իրաւունք չունի մասնակցելու քուէարկութիւններուն, բայց բարոյական առումով խիստ կարեւոր է այդ եռամիասնութեան դիրքերէն հանդէս գալը։ Գ․ Ծառուկեանի նպատակաուղղուածութիւնը դէպի այս եռամիասնութիւնը ոչ միայն զարգացնելուն, այլեւ արդիւնաւորելուն պիտի ծառայէ, որովհետեւ հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, եւ այս նոյնական է մեր 95-ամեայ գաղափարախօսութեան, այդ մեր կուսակցութեան հոգեհարազատ է։ Երկրորդ․ Ծառուկեանի գլխաւորած դաշինքը ոչ թէ ջղաձիգ կեցուածք կամ արտայայտութիւններ թոյլ կու տայ, այլ կառուցողական երկխօսութեան կողմնակցութիւն, որ մեզի համար շատ արժէքաւոր է՝ քաղաքական համախոհութիւն ստեղծելու պետական եւ ազգային կարեւորագոյն հարցերուն մէջ։ Երրորդ․ ան արտագաղթի հոսանքի առաջքն առնելու մտահոգութիւն ունի, որ նաեւ մեր մտահոգութիւնն է։ Առաւել եւս՝ մենք կը կարծենք, որ արտագաղթը ոչ միայն հնարաւոր է կասեցնել, ճիշտ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելով, այլ նաեւ յիշեցնեմ՝ ՌԱԿ կազմակերպութիւն մըն է, որ 1946-47 թուականներուն գլխաւորած է ներգաղթի շարժումը, այնպէս որ՝ այսօր իսկապէս պէտք է ընդհակառակը՝ ներգաղթի՛ համար հող ստեղծենք, արտագաղթածները, սփիւռքահայութիւնը (նաեւ Ռուսիա նկատի ունիմ)  վերադարձնելու հայրենիք։ Այս երկրի ապագան իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդն է։ Ծառուկեանի մատնանշած այս ուղղութիւնները մեզի համար խիստ գրաւիչ են։

-«Ոչ ջղաձիգ» բառն օգտագործեցիք, բայց քաղաքական դաշտն, իրօք, հիմա կը ջղաձգուի, փոխադարձ խանդ կայ, դաշինքներու ձեւաւորման գործընթացը կ’ուղեկցուի տարբեր խարդաւանքներով։ Այս առթիւ յիշեմ Ձեր հարցազրոյցը «1in․am»ին հետ, 24 Յունուարին, ուր Դուք դաշինքներ կազմելու տարբեր դրսեւորումներու առումով ըսած էիք, թէ իւրաքանչիւր քաղաքական կազմակերպութիւն կ’աշխատի որքան հնարաւոր է շատ թիւով մարդոցմով խցկուիլ ապագայ խորհրդարան՝ հաւանաբար նկատի ունենալով ամենաանհաւանական միաւորումները։ Յետոյ փորձեր եղան այդ «խցկուիլ» բառը կապել Ձեր կուսակցութեան ընտրութեան հետ։

– Ճշդեմ, որ այդ հարցազրոյցը 24 Յունուարէն առաջ տուած եմ, այդ ժամանակ մենք տակաւին վերջնականապէս չէինք կողմնորոշուած։ Եւ լրագրողի հարցերուն պատասխանած եմ նախ որպէս լրագրող, եւ ինչ-որ տեղ՝ որպէս մեկնաբան։ Իմ դիտարկումներս եղած են դաշինքներ կազմելու այդ օրերու իրարանցումին եւ այն ուռճացնելու, գաղափարական նոյնութիւնները նկատի չառնելու եւ ապագայ Ազգային ժողովին մէջ տեղ գտնելու ձգտումին վերաբերեալ։ Ես բացատրած եմ պատկերաւոր կերպով։ Անպարկեշտ բան է լրագրութեան տեսակէտէն՝ բնագիրէն դուրս վերցնել տարբեր միտքեր եւ ըստ սեփական յարմարութեան՝ վերնագիր ստեղծել, այնինչ բնագրին մէջ այդ միտքերու նշանակութիւնն այլ էր։ Իսկ մեր կուսակցութեան վերջնական որոշումը կայացուցած ենք շատ աւելի ուշ՝ նկատի ունենալով «Ծառուկեան դաշինք»ի բոլոր այն մօտեցումները, որոնք հոգեհարազատ են մեզի։

-Այդ պարագային, վերադառնանք «1in.am»ի նոյն զրոյցին, ուր կ’ըսէք, թէ Ծառուկեան ցոյց տուած է, որ ինք կրնայ մարդաշատ խմբաւորում ապահովել, հետեւաբար արժանի է, որ լուրջ մօտենանք այդ քաղաքական անձնաւորութեան։

-Ես ոչ միայն այդ կարծիքին եմ, այլ յիշեցնեմ, որ մէկ այլ հարցազրոյց ալ  տուած եմ այդ նոյն օրերուն, մինչեւ մեր դիրքորոշումը յստակեցնելը Ծառուկեան դաշինքին միանալու առումով, «lurer.com»ին, ուր խօսած եմ զուտ ընտրական թեմայով։ Եւ ապագայ խմբակցութեան շահերէն  ելլելով, ըսած եմ, թէ պարոն Ծառուկեանի գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն այն է, որ այլ քաղաքական գործիչներու նման ժողովուրդի վստահութեան քուէն, տրուած ձայները փոշիացնողը չէ։ 

 Իսկ ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի ՌԱԿ տեղական կառոյցներուն, պէտք է նշեմ, որ տեղական ընտրական հարցերու մէջ իւրաքանչիւր շրջանակ ինք  կ’որոշէ իր ընելիքը, քանի որ բոլորէն աւելի լաւ ինք գիտէ իր տեղական պայմաններն ու քաղաքական դասաւորումները։ Աւելի յստակեցնելու համար ըսեմ, օրինակ, որ յառաջիկայ Մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ ՌԱԿ տեղի կառոյցը ինք պիտի որոշէ իր մասնակցութեան ձեւն ու կերպը։

IDBank Supports the Reconstruction of the Spandaryan Canal: Commemorative Plaque Dedicated to the Project SignedIDBank and Idram Presented Several Environmental Initiatives at COP17Ucom Shares Its Experience in Private Sector Engagement in Nature Conservation at COP17 Blue Zone«Here’s the screenshot, the money has been transferred»: IDBank warns of fake payment scamsFirst Steps in Your Career with IDBank: 16th Cycle of IDream LaunchedDigital Architecture for a Sustainable Future: IDBank's Article in Regional Post MagazineRate.Trading. New Digital Culture of Currency ExchangeDigital Future and Sustainable Development: IDBank's Chairman of the Management Board in an Interview with ForbesApplications Now Open: Armenian Virtuosos International Academy-Festival 2027Book Published with Ucom’s Support Presented at COP17: “The Secret Path of Hovazadzor”Ucom Highlights the Role of Technology in Nature Conservation at COP17“The people of Stepanavan will show through their votes that every attempt to deceive them with videos is doomed to fail”: “Strong Armenia” Party With Ucom’s Support, SunChild Brings Cinema and Environmental Conservation TogetherYoung Musicians of the “Armenian Virtuosos” Program Perform in the COP17 A Birthday in Italy with UnibankIdram and IDBank Participated in the Opening of My Forest Armenia’s Pavilion at COP17Unibank Receives B++ Sustainability Alignment Rating from Agents for Impact GmbH Ucom Supported Yerevan Conservation Symposium 2026 as Strategic PartnerIDBank to Showcase Environmental and Innovative Initiatives at COP17New AI-Powered Wildlife Monitoring Camera Installed in Paruyr Sevak with the Support of Ucom35 Years of Trust: IDBank Celebrates with Its CustomersBusiness and mining leader Mark Cutifani to deliver keynote speech at the 3rd Mining Armenia Forum“From Classroom to Orbit”: With Ucom’s Support, “Space 1.0” Is Being Introduced in 15 Schools Across ArmeniaAfeyan Initiatives for Armenia Awards Grant to the Armenia Education Initiative to Expand the Teach For Armenia’s Seroond School Turnaround Program Ucom to Participate in COP17 Together with FPWC, Showcasing Their Environmental Partnership“The Golden Hour”: IDBank explains how to respond effectively to a scam attackNelli Kocharyan Presents Converse Bank’s Vision for Development of International Relations at the BACEE Conference BACEE International Conference Kicks Off with Converse Bank as Lead Sponsor Unibank has issued perpetual bonds with an annual coupon yield of 13.2% Ucom Measures the Environmental Impact of Its OperationsUnibank Offers USD-Denominated Bonds with an Annual Coupon Rate of 6% Ucom Becomes an Official Partner of the Armenia-UK Business Forum 2026Ucom Sales and Service Center at 20/52 Erebuni Reopens After Renovation Unibank Joins the Armenian Solar Energy AssociationThe Widely Discussed Dvin Crown Project. A New Visibility Platform for Brands Has Emerged in the Heart of YerevanAmeriabank named Most Innovative Digital Bank in Armenia, alongside 9 Global Finance Digital Banking AwardsUnibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice