Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հետևում է Միջին Արևելքի հայ համայնքներում ստեղծված իրավիճակին
POLITICSՍեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հետևում է Միջին Արևելքի հայ համայնքներում ստեղծված իրավիճակին․
«Այսօր ամբողջ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կրցաւ կապ հաստատել շրջանի մեր եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Անոնցմէ ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, շրջանը հետեւեալ ընդհանուր կացութիւնը կը պարզէ.-
– Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կը շարունակէ տիրել ընդհանուր անապահովութիւն ու անորոշութիւն: Բնականաբար, յիշեալ երկիրներու ընկերատնտեսական վիճակը նահանջի մէջ է: Հայ համայնքները մարդկային ու նիւթական վնասներու ենթարկուած չեն:
– Իրանի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգալից: Ռմբակոծումները դադար չունին: Այսօր, հայկական թաղամասի մը մէջ հրթիռ ինկած է՝ պատճառելով միայն նիւթական վնասներ:
– Լիբանանի մէջ եւս ռմբակոծումները կը շարունակուին, յատկապէս հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ: Այսօր, Պէյրութի յիշեալ շրջաններէն դուրս եւս թիրախաւորուած ռմբակոծումներ տեղի ունեցան: Հայ համայնքը անմիջականօրէն ենթակայ չէ շարունակուող ռմբակոծումներուն:
Կ՚աղօթենք, որ պատերազմը շուտով վերջ գտնէ եւ խաղաղութիւնը հաստատուի Միջին Արեւելքի մէջ»։
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



