Yerevan, 12.September.2026,
00
:
00
BREAKING


Այսօր մարդու կենտրոնում հենց ինքը մարդն է, մինչդեռ մարդը աստվածակենտրոն գոյություն է․ Արամ Ա

SOCIETY

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը դասախոսություն է կարդացել հայագիտական կենտրոնում․

«Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսարանի «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ «Մարդու Ինքնաճանաչումը Եւ Քրիստոնէական Մարդաբանութիւնը» խորագրով դասախօսութիւն մը տուաւ հայագիտական կեդրոնի ուսանողներուն։ Դասախօսութեան ներկայ էին նաեւ միաբան հայրեր եւ հայագիտական կեդրոնին ուսուցչական կազմը։
 

Նորին Սրբութիւնը նախ յայտնեց, որ տուեալ նիւթով անգլերէն լեզուով հատորի մը պատրաստութեան աշխատանքի մէջ է, որովհետեւ թէ՛ կարեւոր եւ թէ՛ այժմէական հարցադրում է մարդուն ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը. այդ շարունակ եղած է մտաւորականներու ուսումնասիրութեան առարկայ։ Այսօր մարդը տակաւին ինքզինք ճանչնալու ընթացքին մէջ է եւ հարցականի տակ առած է ինքզինք, իր ծագումը, գոյութեան իմաստը ու նպատակը, յայտնեց Հայրապետը։ Ան դիտել տուաւ, որ մարդաբանութիւնը, որպէս ընկերային գիտութիւն, ընդլայնուած կերպով եւ տարբեր ճիւղաւորումներով կը զբաղի մարդու գիտութեամբ, սակայն հոն կը բացակայի կրօնական տեսակէտը։ «Մարդու ինքնահասկացողութեան գծով կրօնքին, յատկապէս միաստուածեան կրօններուն, մօտեցումը բոլորովին տարբեր է մարդաբանութեան գիտութենէն», ըսաւ ու կեդրոնացաւ մարդաբանութեան վրայ՝ քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտելով զայն։
 

Անդրադառնալով կրօնքին ու գիտութեան միջեւ հիմնական տարբերութիւններուն եւ անոնց ընկերակցող փաստարկներուն ու առարկութիւններուն՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը նշեց Աստուածաշունչէն եկած երկու հիմնական տարբերութիւններ, որոնք մինչեւ օրս քննարկումի առարկայ են քրիստոնեայ գիտնականներու կողմէ. առաջին՝ Աստուած մարդը Իր շունչով ոչինչէն ստեղծեց՝ ի տարբերութիւն գիտութեան, որ յառաջ կը քշէ եղափոխութեան տեսութիւնը. իսկ երկրորդ՝ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն։
 

Խորանալով Աստուծոյ պատկերին համաձայն մարդ արարածին ստեղծուած ըլլալուն բացատրութեան մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետը երեք հիմնական կէտերով մանրամասնեց մարդուն իւրայատկութիւնը՝ բանականութիւն, ազատութիւն եւ անմահութեան ձգտում։ Այս տարրերը բացատրելով՝ ան ըսաւ, որ բանականութիւնը մարդը կը զանազանէ կենդանիէն, որովհետեւ ան կարելիութիւն կու տայ մարդուն իմանալու, որ ինք գոյութիւն ունի. ազատութիւնը Աստուածային ազատութիւնն է՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած՝ ինքզինք եւ տիեզերքը կառավարելու համար, իսկ անմահութիւնը ֆիզիքական պարունակէն դուրս՝ ինքնիր անձէն անդին ու վեր ձգտումն է։
 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ապա անդրադարձաւ այլ կարեւոր կէտի մը՝ նախամարդուն՝ Ադամին ու Եւային փոխադարձ յարաբերութեան։ Այս իմաստով ան ընդգծեց, որ Եւային Ադամէն ետք ստեղծուելու իրողութիւնը կինը չի դներ այրին ենթակայութեան ներքեւ, որովհետեւ անոնք երկուքը Աստուծոյ նոյն պատկերը ունին, պարզապէս տարբեր դերակատարութիւններով անոնք դրուած են աշխարհի վրայ։
 

Մարդուն ստեղծագործութեան առնչուած է նաեւ մարդուն անկումը։ Աստուած Ադամին ու Եւային թելադրեց չուտել բարիի ու չարի ծառէն։ Այդ ծառին պտուղէն ուտելը զանոնք դրաւ մահուան դիմաց։ Այս դէպքին մէջ յանցաւոր մը փնտռել պէտք չէ, որովհետեւ բոլորն ալ յանցանքի իրենց բաժինը ունին։ Այս անկումին հետեւանքը մարդը մինչեւ այսօր կը կրէ։ Աստուած մարդուն ազատութիւն շնորհեց, սակայն չշնորհեց մարդաստեղծ ու մարդակեդրոն սանձարձակ ազատութիւն, այլ՝ համարատուութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ազատութիւն, որ կ՚ենթադրէ մարդու բանականութեան օգտագործում՝ բացատրեց Հայրապետը։
 

Ստեղծիչին եւ ստեղծեալին միջեւ բախումը դարձած է քննարկումի առարկայ, որովհետեւ հոն կայ ինքնիշխան ըլլալու, կատարեալ կամ անկատար ստեղծուածներ ըլլալու խնդիրները։ Այլ խօսքով, ստեղծագործութեան եւ մարդուն անկման միջեւ ժամանակաշրջանը ընթացք մըն է եւ ո՛չ՝ մէկ օրէն միւսը պատահած դէպք մը, ուստի այս ընթացքին Ադամին ու Եւային կատարեալ/անմեղ կամ անկատար/մեղաւոր արարածներ ըլլալու խնդիրը մեկնաբանութեան կը կարօտի, նշեց Վեհափառ Հայրապետը։ Եթէ Ադամն ու Եւան կատարեալ ստեղծուեցան, ուրեմն Աստուած էին։ Եթէ անկատար ստեղծուեցան, ուրեմն մեղանչելու իրաւունք ունէին։ Ես կը բաժնեմ այն մօտեցումը, որ կ՚ըսէ՝ Ադամն ու Եւան, մինչեւ իրենց անկումը, կատարելութեան եւ անկատարելութեան միջեւ տեղ մըն էին, իսկ Աստուած զանոնք փորձեց եւ քննութենէ անցուց, բնականաբար քննութիւնը յաջողելու համար անոնց տալով տրամաբանութիւն։ Անկումը եկաւ ըսելու համար, որ անոնք անկատար եղան, ըսաւ ան։
 

Խօսելով անկումէն ետք Աստուծային պատկերին մասին՝ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ Աստուածաշունչին մէջ կ՚օգտագործուի Աստուածային պատկեր եւ Աստուածային նմանութիւն եզրերը։ Մինչ Հայրապետը մանրամասնօրէն պատմած էր Աստուածային պատկերին մասին՝ ըսաւ, որ Աստուածային նմանութիւնը Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու կարելիութիւնն է, որ շեշտուած է մանաւանդ ուղղափառ մտածողութեան մէջ։ Մարդուն անկումով մարդուն մէջ վիրաւորուեցաւ Աստուծոյ պատկերը, սակայն չքանդուեցաւ, որովհետեւ պատկերը կը պատկանի Աստուծոյ եւ, հետեւաբար, զայն քանդել կարելի չէ։ Պատժելով հանդերձ մարդը՝ Աստուած առիթ տուաւ մարդուն։ Յատկապէս ուղղափառ հասկացողութեան մէջ մարդը երկրի ու երկնքի, նիւթականի եւ ոչ-նիւթականի մէկ ամբողջութիւն մըն է, «մայքրոքոզմ», եւ այդ ծիրէն ներս պէտք է դիտել Աստուծոյ կողմէն մարդուն տրուած կոչումը, ընդգծեց Հայրապետը։
 

Շարունակելով նիւթը՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Աստուած մարդուն տուաւ երկիրը զարգացնելու ու ծաղկեցնելու պարտականութիւն՝ տիեզերքին ներքին կազմաւորումը վերածելով ընթացքի մը, որ իր վախճանին պիտի հասնի Քրիստոսի երկրորդ գալուստով։ Այս հարցը ամէնէն այժմէական հարցերէն մէկն է եւ նրեկայիս կենսոլորտային ահաւոր տագնապներ գոյութիւն ունին մարդուն յանցանքով։ Գոյութիւն ունին բարոյական եւ բնական չարիքներ։ Այն ինչ կը կատարուի մարդուն ձեռքով, ինչպէս օրինակ կենսոլորտի ապականում, բարոյական չարիք է, որովհետեւ հետեւանքն է մարդուն չարաշահութեան։
 

Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ մահուան մասին։ Ան ըսաւ, որ ըստ Պօղոս առաքեալին մահը մարդուն յանցանքն է։ Գիտութիւնը կը փաստէ, որ հողէն առնուած մարդը սկիզբ ունի եւ տեղ մը, որպէս ֆիզիքական գոյութիւն, պէտք է կանգ առնէ։ Հին փիլիսոփաներ եւս խօսած են մարդուն մարմինին ու հոգիին մասին՝ տեսաբանելով, որ երբ մարդը մահանայ, մարմինը հողին կը դառնայ, իսկ հոգին կ՚երթայ միանալու հոգիներու աշխարհին։ Ըստ այս փիլիսոփաներուն, հոգին մարմինէն առաջ գոյութիւն ունի։ Ժողովուրդին մէջ հոսկէ յառաջացած է հոգիի անմահութեան գաղափարը, որ քրիստոնէական չէ, այլ յունական փիլիսոփայութենէն կու գայ, սակայն տեղ գտած է քրիստոնէական մտածողութեան ու կեանքին մէջ։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ մարմնեղէն յարութեան։ Երբ մարդը մահանայ մարմինը հող կը դառնայ, իսկ հոգին կ՚երթայ իր աղբիւրին քով՝ Աստուծոյ քով։ Քրիստոսի երկրորդ գալուստով բոլոր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն փառաւորեալ մարմինինով՝ նշեց Վեհափառ Հայրապետը։
 

Դասախօսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց՝ յայտնելով. «մարդու ինքնահասկացողութիւնը այսօր դարձած է այնպիսին, որուն կեդրոնը մարդը ինք է։ Մարդը Աստուածակեդրոն գոյութիւն է, ո՛չ մարդակեդրոն։ Աստուած է մարդը ստեղծողը եւ մարդու կեանքին կեդրոնն ու գոյութեան նպատակը։ Նոյն տեսակէտը ունին միաստուածեան միւս երկու կրօնները։ Մարդը ինքզինք կը ճանչնայ միայն Աստուծոյ հետ յարաբերաբար»։
 

Դասախօսութեան աւարտին ուսանողները ու ուսուցիչները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Վեհափառ Հայրապետին»,- նշվում է Կաթողիկոսության հաղորդագրության մեջ։ 

 Հետևեք մեզ՝ այստեղ

Unibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team GroupLetter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has BegunAwards Ceremony for the “Top 100 Students of Armenia” Competition: Presentation of CertificatesNew Samsung Galaxy A27 as Part of Ucom’s Special “Back to School 2026” OfferMillennials, Gen Z, or Gen Alpha: How Different Generations Prepare for the New School Year: Idram&IDBankFinancial Literacy at the Republican Center for Children and Youth Tent Camp: Idram & IDBankUnlocking the Secrets of the Financial World at ''Hayordi'' Camp with Idram&IDBankUcom Supports the Second Phase of ArmDrone’s FPV Drone Educational Program "The Power of One Dram" to "Orran" Charitable Non-Governmental OrganizationUcom and Microsoft Innovation Center’s Cybersecurity Education Program Concludes with a Mini CTF CompetitionCustomer Appreciation Day - This Time at IDBank’s “Erebuni” BranchResults of the Junius Tournament Announced: The Next Round AheadUcom Expands International Roaming Capabilities"Urgently Confirm Your Card Details": IDBank Warns of Hotel Booking ScamsMher Ananyan joins Unibank's Management Board Ucom Supports the Launch of "Remember the Animals" Educational Game Moody’s changes the outlook on IDBank’s ratings to positive IDBank Introduces the New Mastercard World Card with Exclusive Travel Benefits and a Special Launch CampaignConverse Bank and Visa expand their strategic partnership to introduce new customer solutions Ucom and FPWC Ensure Round-the-Clock Wildlife Monitoring in Gnishik Through Solar Energy Idram and IDBank Support Startups at Seaside Startup SummitIt is now possible to register in Unibank’s mobile application through imID as well“Free In-Game Bonuses”: IDBank Warns About Cyberattacks Targeting SchoolchildrenMoody's affirms Converse Bank's ratings and changes outlook to positive from stableNew Achievements in Europe: "Armenian Virtuosos" Scholarship Recipients Embark on Educational Trips to Prestigious Music AcademiesRate.Trading Platform at Seaside Startup Summit: IDBank Introduces an Innovative Solution