Մատենադարանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանը քննարկել են համագործակցության նոր ծրագրերը
POLITICSՄաշտոցյան Մատենադարանի աշխատանքային այցելությունը Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարան.
«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած է Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի բարձրաստիճան հնգանդամ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորոթեամբ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի։
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած պաշտօնական այցելութեան յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2026ինյ առաջնորդութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթողիկոսարանի արխիւատան տնօրէն Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեանի, Մատենադարանի պատուիրակութիւնը ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարան (USEK), ուր հանդիպում ունեցաւ մատենադարանի տնօրէն հայր Ֆատի Քմէյտի եւ ձեռագիրներու վերականգնամ բաժանմունքի ղեկավար Էսսին Ճըմայէլի հետ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու յառաջիկայ համագործակցութեան ուղղութիւնները՝ «Կիլիկիա»-«Մաշտոցեան»-«Սուրբ Հոգի» մատենադարաններուն միջեւ, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ հայերէն գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման համատեղ ծրագիրներու, ասորական եւ արաբական ձեռագրերու վերականգնման ու հետազօտման լաբորատորիայի (մասնագիտական) գործունէութեան եւ քրիստոնէական ու իսլամական գրաւոր յուշարձաններու համատեղ ուսումնասիրման մարզերուն մէջ։
Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը Արամ Ա. Վեհափառի ճաշի հիւրը եղաւ։
Իսկ երեկոյեան, Շահան սրբազան ու «Կիլիկիա» թանգարանի տնօրէն Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան եւ Մաշտոցեան Մատենադարանի պատուիրակութիւնը բարձրացան Զմմառու վանքը, ներկայ գտնուելու նորակառոյց ձեռագրատան ու դիւանի բացման հանդիսութեան»:
Հետևեք մեզ՝ այստեղ



