Yerevan, 09.May.2024,
00
:
00
1 $ = 0 ֏, 1 = 0 ֏, 1 = 0 ֏
BREAKING


Սփյուռքը պետք է վերակազմակերպվի. Արամ Ա

SOCIETY

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին

Անթիլիասի Մայրավանքում տեղի է ունեցել Ազգային կեդրոնական վարչության թեմակալ առաջնորդների և ներկայացուցիչների հանդիպումները։ Հայտնում են կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից։ 

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12 Մարտէն 15 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա՝ միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Կրօնական Ժողովը, առաջին հերթին, լայնօրէն քննարկեց Դպրեվանքի գործունէութիւնը՝ տեսուչ հայր սուրբին ներկայացուցած զեկոյցի լոյսին տակ եւ գնահատելով Դպրեվանքին կատարած հոգեմտաւոր կազմաւորումի առաքելութիւնը՝ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հոգեւորական, ուսուցիչ, դպրապետ ու մտաւորական պատրաստելու կոչուած Դպրեվանքի առաքելութիւնը: Ապա, Ժողովին ներկայացուեցաւ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի զեկոյցը, ուր հակիրճ կերպով նկարագրուած էին անցնող շրջանին տեղի ունեցած ձեռնարկներն ու իրագործումները: Յաջորդաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց առնչուած նիւթեր, միշտ ներկայացուած զեկոյցներու լոյսին տակ: Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան շարունակուող աշխատանքները նկատուեցան էական: Քահանայից պատրաստութիւնը նկատուեցաւ խիստ հրամայական՝ նկատի ունենալով թեմերու կարիքը հոգեւոր մարդուժի: Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ տուեալ թեմէն ունենալու քահանայացուներ, որպէսզի քահանայ-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Երիտասարդութիւնը առանցքային տեղ գրաւեց Կրօնական Ժողովի քննարկումներուն մէջ եւ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ եկեղեցին երիտասարդութեան տանելու հրամայականը: Յաջորդաբար զեկոյցներ տրուեցան «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու, ձեռագրատան, արխիւներու, «Շնորհալի» ու «Նարեկացի» երգչախումբերու եւ տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ եւ առանձնաբար քննարկուեցան անոնց կատարած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան մեր եկեղեցւոյ ծէսին բարեկարգութեան առնչուած կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ընկերաբարոյական խնդիրներ: Բնականաբար Ժողովը նաեւ քննեց յարակից, ինչպէս նաեւ թեմերէն եկած հարցեր ու առաջարկներ: Իւրաքանչիւր օրակարգի քննարկումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը կատարեց անհրաժեշտ թելարդութիւններ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Քաղաքական Ժողովը եւս ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Ժողովը յաջորդաբար ընդունեց Կաթողիկոսարանի առնչուած յանձնախումբերը՝ «Թռչնոց Բոյն», Ազունիէի Ազգային Բուժարան, Ազգային Ծերանոց, Հայագիտական ու Մանկավարժական կեդրոններ: Իւրաքանչիւր յանձանախումբ ներկայացուց իր զեկոյցը, ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում: Քաղաքական Ժողովը նաեւ լսեց Կաթողիկոսարանի Կալուածոց եւ Տնտեսական խորհուրդներէ բաղկացած շահարկման յանձնախումբի զեկոյցը, ուր առաւելաբար պարզուած էին Լիբանանէն ներս յառաջացած ընկերատնտեսական տագնապին հետեւանքները Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ: Ժողովը իր միօրեայ նիստի երկրորդ բաժինը յատկացուցած էր թեմերու հետ հանդիպումներու: Այս ծիրէն ներս հանդիպումներ տեղի ունեցան Գանատայի, Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի թեմերուն, ինչպէս նաեւ Սպահանի ու Թեհրանի թեմերու թեմակալ առաջնորդներուն ու ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Յիշեալ հանդիպումներուն զեկոյցներ ներկայացուեցան թեմերու կատարած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին. բնականաբար նաեւ կատարուեցան քննարկումներ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն տեղեակ ըլլալով թեմերու կեանքին ու մտահոգութիւններուն՝ կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւններ:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻՆ

Երրորդը հանդիպումը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու, առաջնորդներու ու ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն: Հանդիպումը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Սփիւռքի վերակազմակերպումին: Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ յիշեցուց, թէ ինչո՛ւ նախաձեռնած էր Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ ապա բացատրեց, թէ ինչ քննարկումներ կատարուած էին իր կողմէ հրապարակուած յաջորդական հռչակագիրներու լոյսին տակ: Հայրապետը տասը կէտերու մէջ ներկայացուց Սփիւռքի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրները: Իր պատգամի վերջին բաժինը, Նորին Ս. Օծութիւնը յատկացուցած էր թեմերու վերակազմակերպումին: Հայրապետին պատգամէն ետք բոլոր թեմերը յաջորդաբար ներկայացուցին ցարդ իրենց կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները՝ թեմերու վերակազմակերպումի գծով: Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս վերաշեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ժողովական աշխատանքներու վերջին օրը, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Առանձնաբար քննուեցան թեմերու կեանքին առնչուած շատ մը հարցեր: Հայրապետը լսելէ ետք իրեն ներկայացուած խնդիրները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները՝ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց ի խնդիր թեմերու բարքաւաճման ու ծաղկման:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպումներն ու աշխատանքները ամփոփելով ու եզրակացնելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ կէտերը շեշտեց.-

1) Յատուկ գոհունակութեամբ կ՚ուզենք հաստատել, որ մեր թերմերը կազմակերպուած են եւ հաւատքով ու նուիրումով լծուած են իրենց աշխատանքին: Ինչ որ կը կատարուի մեր եկեղեցւոյ կողմէ, այս պարագային թեմերու ճամբով, հաւատքի առաքելութիւն է ու ազգային ծառայութիւն: Հոգեւորը ու ազգայինը անքակտելիօրէն շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Այսպէ՛ս եղած է միշտ ու այսպէ՛ս պէտք է մնայ: Իւրաքանչիւր թեմ տարբեր դրուածք ունի եւ անհրաժեշտ է զանոնք նկատի ունենալ մեր առած որոշումներու գծով:

2) Ինչպէս ժողովական քննարկումներու ընթացքին շեշտեցինք, Սփիւռքի վերակազմաւորումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Սա դիւրին աշխատանք չէ, սակայն հրամայական է: Այս գործընթացքին հարկ է լծուիլ հանգրուանային կերպով` ճշդելով այն ինչ որ առաջնահերթ է ու կարելի: Մեր թեմերու վերակազմակերպումը պէտք է ուղեցոյց հանդիսանայ գաղութներու վերակազմակերպման:

3) Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովին զեկուցում տրուեցաւ նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ Կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն մասին: Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին ճամբով լծուած ենք լուրջ խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու ու վերլուծումներու։ Մեր գլխաւորութեամբ հետեւողական աշխատանք կը տարուի ցեղասպանագէտներու եւ միջազգային արդարադատութեան մարզին մէջ հեղինակութիւն եղող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատելու, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու ու ատեաններու մօտ Արցախի առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու ռազմագերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի իրականացման ուղիները ճշդելու: Յառաջիկային պիտի յայտարարենք այս ուղղութեամբ առնուելիք շօշափելի քայլերու մասին։

4) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ նոր ծաւալ ստանալ՝ զանազան ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու ճամբով: Այս ծիրէն ներս թէ՛ մարդուժի եւ թէ՛ նիւթական ներդրումի կարիքը զգալի կը դառնայ: Այս ուղղութեամբ «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի բացումը, Ֆանարի մէջ, ուր պիտի գործեն Կաթողիկոսարանի կարգ մը բաժանմունքները, մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ծառայութեան առաւել կազմակերպման:

"Amio Era". Education is a chance to change life! Ucom's fixed network is launched in Artashat “By Your Side”: IDBank's new support program for displaced Artsakh citizens The Power of One Dram to the Road of Life Charitable OrganizationAMIO bank issues bondsGeneral Director of Ucom gave a lecture at the French University in Armenia Amio Bank participated in Career City Fest 2K24Transfers to Visa cards of foreign banks are available in the Unibank mobile app ZCMC CJSC general director R.N. Khudoli on the օccation of Internatioanal Labour dayGagik Khachatryan's prolonged denial of medical care amounts to torture. attorneyMore and more smiles in the city. 'Kentron' branch of AMIO BANK was reopenedIdram and IDBank at Career City FestIdram and IDBank as participants of Career City FestUcom provides four bus stops in Ijevan with free Wi-Fi An exhibition dedicated to Charles Aznavour's centennial anniversary Yerevan, May 22 – July 22 Caring for nature, we have started with ourselves - Team Telecom Armenia Up to 10% cashback from GetTransfer with IDBank cardsAmio Visa Signature Business card. When the opportunities are unlimited Up to 1% cashback when shopping on Wildberries with IDBank cards Ucom continues network modernization in regions of ArmeniaCo-founders of Galaxy Group of Companies Co-Hosts Business Breakfast to Strengthen Armenian-French Business TiesLeasing agreement and a number of advantages. Amio is in the Leasing Expo with a special offerInternational transfers from card to card with IDBank VISA cardsIdplus Bonuses in Idram&IDBank ApplicationUcom has released a new package offer Ucom continues network modernization in regions of ArmeniaIdram and IDBank participated in the signing ceremony of the Declaration of Women's Empowerment PrinciplesGeneral Director of Ucom participated in Doing Digital Forum 2024AraratBank: General Partner of Face-to-Face Regional Forum4.017.648 Drams to My Forest Armenia: April Beneficiary of The Power of One Dram is 4090 Foundation Ucom continues to support green energy expansion in Armenia Spring brought so much profit. It is a profitable promotion at Amio Bank Director General of Ucom took part in a recruiting conference Ameriabank named the Best Bank in Armenia for 2024 by Global Finance magazineAraratBank places its 27th issue of dollar bonds Ucom launches network modernization efforts in few regions of ArmeniaUcom Launches Network Modernization Efforts in Regions of Armenia5 000 dram bonus from IDBank for pension card holders World Bank Armenia has organized discussion on facilitating women’s wider engagement in sectors that have been traditionally male dominated in the countryIDBank as a Participant in the Conference of My Forest Armenia NGOIDBank issues the 1st tranche of dollar bonds of 2024In 2023, the SME Loan Portfolio of Ameriabank Reported More Than 30% GrowthMining plays an important role in providing materials for energy transition and green economy: Roman Khudoli Amio digital cards with unlimited opportunities and 5% cashbackInternational Client’s Day at IDBank Termination of service of MIR cards. IDBankThree Sad Stories about FraudstersUcom showed high and stable growth in fixed and mobile communications in 2023 The number of Team mobile subscribers is over 1 million On the occasion of International Women's Day ZCMC employees were awarded